
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Պաշշար Ասատ Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ շնորհաւորանք յղած է սուրիահայութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Նախագահ՝ Տօքթ. Պաշշար Ալ Ասատի յանձնարարութեամբ, Պետնախարար Տիար Մանսուր Ազզամը հեռաձայնային կապ հաստատելով Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանին հետ, փոխանցեց Սուրիոյ Նախագահի անձնական շնորհաւորանքները Սուրբ Զատկի առթիւ, Կիրակի 4 Ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին: Պետնախարարը այս առթիւ խնդրեց, որպէսզի Առաջնորդ սրբազան Հայրը իր հերթին նախագահական շնորհաւորանքները փոխանցէ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն: Իր կարգին Սրբազան Հայրը ի փոխարէն այս շնորհաւորական զանգին յայտնեց, թէ հեռաձայնային կապը իրեն՝ Հայ Եկեղեցու զաւակներուն համար յուսադրիչ է եւ մխիթարական, մանաւանդ տիրող դժուարին այս օրերուն: Այս առթիւ, Առաջնորդ Հայրը, երախտագիտական զգացումով Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին մաղթեց քաջառողջութիւն եւ գործոց յաջողութիւն: Միաժամանակ ան համայն աշխարհին մաղթեց՝ Պսակաձեւ Ժահրէն շուտափոյթ ապաքինում, իսկ Սուրիական Հայրենիքին՝ խղաղութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն:
Նախօրէին կրկին հեռաձայնային կապով Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ՝ տիար Համմուտէ Սապպաղը, անձամբ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօրն ու Դամասկահայութեանը»։
Յիշեցնենք, որ Պսակաձեւ Ժահրի պատճառով, ինչպէս Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու, նոյնպէս ալ Դամասկոսի մէջ պայմանաւորուած հավարակի ստեղծած պայմաններուն շնորհաւորական այցեր տեղի չեն ունեցած։
Լուսանկարը ՝ մեր արխիւէն։















