image

Յանուն Գլխաւոր Շտաբին. Զօրակցութեան հաւաք ՊՆ-ի շէնքին մօտ

Յանուն Գլխաւոր Շտաբին. Զօրակցութեան հաւաք ՊՆ-ի շէնքին մօտ

 

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ բողոքի հաւաք կազմակերպած են ՀՀ ՊՆ 51191 զօրամասի նախկին զինծառայողները՝ ի պաշտպանութիւն ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանի:

 

Նախօրէին անոնց տարածած յայտարարութեան մէջ անոնք կոչ ըրած էին ծառայակից ընկերներուն, ինչպէս նաեւ Բանակի բոլոր վեթերաններուն եւ նախկին ծառայողներուն միանալու ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ կայանալիք հանրահաւաքին` ի աջակցութիւն ԳՇ պետի եւ Հայոց Բանակի։