image

«Եթէ իշխանութեան գամ, գերիներու հարցի լուծումը ընդամէնը օրերու ընթացքին լուծում կը գտնէ» Արթուր Վանէցեան

«Եթէ իշխանութեան գամ, գերիներու հարցի լուծումը ընդամէնը օրերու ընթացքին լուծում կը գտնէ» Արթուր Վանէցեան

Պաշտօնապէս խօսք կու տամ, որ իմ՝ իշխանութեան գալու պարագային, գերիներու վերադարձի հարցը կ'ըլլայ քանի մը օրուայ հարց, Բաղրամեան պողոտայի վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանէցեանը: Ան նշած է՝ հիմա այդ գործընթացին աջակցելու լիազորօւթիւն չունի։ 

«Անձնական կապերը, առհասարակ, շատ լուրջ դերակատարում են ունենում: Ես համոզուած եմ, որ կը կարողանամ լուծել այդ հարցերը: Անձնական կապերը փորձել եմ օգտագործել պատերազմի ողջ ընթացքում՝ տարբեր խնդիրների համար: Իմ ընկերները ասում են՝ պարոն Վանէցեան, Դուք որպէս ո՞վ էք հանդէս գալիս, Դուք ՀՀ պաշտօնական ներակայուցի՞չ էք, թէ՞ ոչ: Ձեր բարձրացրած հարցերը միջպետական բնոյթ են կրում», -ըսած է Վանէցեանը։ 

Ան ընդգծած է, որ իշխանութեան կռիւ չըներ, հակառակ պարագային՝ իշխանութենէն դուրս չէր գար:

«Մենք պէտք է հասկանանք, որ ես ինչ-որ կերպ պէտք է ներգրաւուած լինեմ այս երկրի կառավարմանը, բայց Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնում ես որեւէ կերպ չեմ կարող ներգրաւուել», -ըսած է ան՝  աւելցնելով, որ խօսքը ինչ–որ կարգավիճակ ունենալու մասին է, ոչ թէ բացարձակ իշխանութեան:

Հարցին՝ եթէ իշխանութիւնը պաշտօն առաջարկէ իրեն գերիներու վերադարձի հարցը լուծելու համար, կը համաձայնի՞, Վանէցեանը պատասխանած է, որ երկրի համար պատրաստ է ընել ամէն ինչ, բայց այսօր այդ վիճակը չէ, որ առանձին որոշումներ կայացնէ.

«Ես ներգրաւուած եմ Հայրենիքի փրկութեան շարժման մէջ, եւ այսօր այս բազմութիւնը մեզնից չի պահանջում այս Կառավարութեան մաս կազմել: Մեզնից կայ պահանջ՝ փոխել վարչապետին, ձեւաւորել ազգային կառավարութիւն»: