image

Փութին- Փաշինեան հեռախօսազրոյցի մասին յաւելեալ պարզաբանում ՝ Փեսքովէն

Փութին- Փաշինեան հեռախօսազրոյցի մասին յաւելեալ պարզաբանում ՝ Փեսքովէն

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցի ժամանակ կողմ արտայայտուած է Հայաստանի մէջ իրավիճակի կարգաւորման՝ օրէնքի շրջածիրէն ներս, յայարարած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Եթէ դուք ուշադիր տեսեր էք մեր կողմէ հրապարակուած գրութիւնը, ապա, հաւանաբար, հնարաւորութիւն ունեցեր էք այնտեղ կարդալու այն արտայայտութիւնը, որ Ռուսաստանի նախագահը բարձրաձայնած է յօգուտ խնդրի կարգաւորման օրէնքի շրջածիրէն ներս: Սա շատ կարեւոր է. Մենք տուած ենք բաւականին ամբողջական ձեւակերպում, որ շատ տեղեկատուական է», - լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը:

Այդպէս ան պատասխանած է ռուսական եւ հայկական կողմերու հաղորդագրութիւններուն մէջ ձեւակերպումներու անհամապատասխանութեան մասին հարցին՝ կապուած Փութինի եւ Փաշինեանի երէկուայ զրոյցին հետ:

ՀՀ կառավարութեան կայքին մէջ ըսուած էր, որ «Նախագահ Փութինը աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի օրինական իշխանութիւններուն», իսկ Քրեմլի ուղերձին մէջ չկայ այդպիսի արտայայտութիւն օրինական իշխանութիւններուն սատարելու մասին, այլ որ Փութինը կոչ կ'ընէ կարգուկանոն եւ խաղաղութիւն պահպանելու Հայաստանի մէջ՝ ստեղծուած իրավիճակը օրէնքի շրջածիրէն ներս կարգավորելու համար: