
«Ըստ մեր առարկայական եւ հաւաստի տուեալներուն, որոնք հաստատուած են նաեւ վերահսկողութեան համակարգով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին տուեալ տեսակի հրթիռային համակարգերէն ոչ մէկը օգտագործուած է»,- նշած են ռազմական գերատեսչութենէն:
Ինչպէս ընդգծած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հրթիռներու զինամթերքի ամբողջ պաշարը կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու պահեստներուն մէջ: Ռազմական գերատեսչութենէն նշած են, որ «տարակուսանքով եւ զարմանքով» ծանօթացած են Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ «Հայաստանի զինուած ուժերու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օգտագործուած «Իսկանտար» հրթիռները չեն պայթած կամ պայթած են միայն 10% -ով»:
«Ըստ ամենայնի, ՀՀ վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեանին մոլորութեան մէջ ձգած են, որուն պատճառով ան օգտագործած է ոչ ճշգրիտ տեղեկատուութիւն»,- ընդգծած են նախարարութենէն:
ՌԴ ՊՆ-ն յիշեցուցած է, որ 9K720-Э («Իսկանտար-Է») մարտավարական հրթիռային համակարգը փորձարկուած եւ բազմիցս յաջողութեամբ օգտագործուած է Սուրիոյ մէջ մարտական պայմաններուն մէջ՝ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ:
«Այդ մեզի լիարժէք հիմք կու տայ պնդելու, որ Ռուսաստանի մէջ արտադրուած 9K720-Э «Իսկանտար-Է» հրթիռային համակարգն իր դասին մէջ աշխարհի մէջ ամենալաւն է: Այդ կ'ընդունին բոլորը», – եզրափակած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:















