image
Հրատապ լուրեր:

Քաղաքացիներ անհնազանդութեան քայլեր կը կատարեն Երեւանի մէջ. Կան բերման ենթարկուածներ

Քաղաքացիներ անհնազանդութեան քայլեր կը կատարեն Երեւանի մէջ. Կան բերման ենթարկուածներ

 

Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ առաւօտէն անհնազանդութեան գործողութիւններ տեղի ունեցան: 

 

Քաղաքացիները Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով փակած էին մի քանի փողոցներ: Մասնաւորապէս, փակուած են Միասնիկեան պողոտան, Ազատութեան պողոտան: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւզ.ամ»ը:

Աւելի ուշ ոստիկանութեան աշխատակիցները սկսած են բարձրախօսով յայտարարել, որ այդ գործողութիւնները չեն բխիր հաւաքներու մասին օրէնսդրութենէն եւ յորդորած են բանալ ճանապարհը: Անհնազանդութեան գործողութիւն իրականացնող քաղաքացիները բացած են ճանապարհը:

Բացի այդ, քաղաքացիները մտած են մեթրոյի կայարաններէն մէկը եւ «Նիկոլ դաւաճան» վանկարկումներով թոյլ չէին տար, որ գնացքի դուռերը փակուին եւ այն շարժի:

 

Ոստիկանները բերման ենթարկած են անհնազանդութեան արշաւ իրականացնող քաղաքացիներէն մի քանին։