image

Բողոքի հաւաքի ժամանակ վիրաւորուած է հայրենադարձած Ռազմիկ Արապեանը

Բողոքի հաւաքի ժամանակ վիրաւորուած է հայրենադարձած Ռազմիկ Արապեանը

Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով տեղի ունեցած անհնազանդութեան գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած է  սփիւռքահայ՝ Ռազմիկ Արապեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

 

 Կը նշուի, որ կառավարութեան շէնքերուն մօտ եղած   բողոքի գործողութեան ժամանակ ոստիկանութիւնը բիրտ ուժ կիրառած է ցուցարաներուն դէմ եւ բերման ենթարկած է աւելի անձեր։

 

 Տեղի ունեցած հրմշտուքի ընթացքին Ռազմիկ հարուածներ ստացած է, որուն հետեւանքով ալ կոտրած է անոր ոտքը։

 

 Ան փոխադրուած է հիւանդանոց ստանալու համապատասխան բուժում։

 

 Յիշեցնենք, որ Արապեան վերջերս հայրենադարձած ու հաստատուած է Հայաստան։