image

«Կամ բանտ, կամ ազատութիւն...» Իշխան Սաղաթէլեանը փորձեցին բերման ենթարկել

«Կամ  բանտ, կամ ազատութիւն...» Իշխան Սաղաթէլեանը փորձեցին բերման ենթարկել

 

Երեւանի մէջ ընթացող ընդդիմութեան բողոքի հաւաքի ընթացքին ոստիկանութիւնը մտած է բողոքի ցոյց ընողներու շարքերն ու սկսած նորէն քաղաքացիները բերման ենթարկել։ Անոնք փորձած են բերման ենթարկել ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը:

 

Սաղաթէլեանը, սակայն, կը պայքարէր, որ իրեն բերման չենթարկեն։ Որոշ ժամանակ անց անոր հանգիստ թողեցին, քանի որ Սաղաթէլեանի բերնէն արիւն կու գար։

«Ոչ մի վնասուածք էլ չեմ ստացել։ Թեթեւ բան է եղել, ոչինչ։ Քանի շնչում եմ` կա՛մ բանտ, կա՛մ ազատութիւն։ Չի քննարկւում այլ հարց` երկիրրը պէտք է փրկենք այս բռնապետութիւնից։ Ես խոստանում եմ ժողովրդին ու իմ ընկերներին»,–ըսած է ան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ։

Ան յիշեցուցած է, որ ժամը 18-ին պիտի հանդիպին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։

Յիշեցնենք, որ երէկ` 22 փետրուարին կայացած բողոքի երթի աւարտին ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 23 փետրուարին, 11:30-ին պիտի այցելէ կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնք: ԱՆ կոչ ըրած էր քաղաքացիներուն այդ ժամուն հաւաքուելու վերոհիշեալ մասնաշէնքի դիմաց: Այսօր քաղաքացիները հաւաքուած էին այդ տարածքին մէջ, սակայն ոստիկանական ուժերն աւելի շատ եղած են, եւ որեւէ կերպ թոյլ չեն տուած մօտենալ շէնքին։

Փաշինեանը, անվտանգութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ, անխոչընդոտ կրցած է մուտք գործել կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնք։