image
Հրատապ լուրեր:

Կարէն Պեքարեան ազատ արձակուեցաւ

Կարէն Պեքարեան ազատ արձակուեցաւ

 

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Վարդան Գրիգորեանի, այսօր՝ 22 փետրուարին, «Գագիկ Սողոմոնեան» կեղծ օգտատիրոջ վերաբերեալ քրէական գործով ձերբակալուած, «Քառեակ մետիա»-ի համահիմնադիր Կարէն Պեքարեանը ազատ արձակելու որոշում կայացուցած է։

Պեքարեանի պաշտպան Գոռ Միքայէլեանը յայտնած է, որ դատարանը ոչ իրաւաչափ ճանչցած է Պեքարեանը ձերբակալելու մասին ԱԱԾ քննիչի որոշումը՝ բաւարարելով պաշտպանի բողոքը, միեւնոյն ժամանակ մերժած է անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին ԱԱԾ քննիչի միջնորդութիւնը։

Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած էր Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանը, «Քառեակ մետիա»-ի համահիմնադիր Կարէն Պեքարեանը, «Փարլամենթարիզմի զարգացման միջազգային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի տնօրէն Մհեր Աւագեանը եւ քաղաքացի Արամ Սարգսեանը։

Յիշեցնենք, որ երէկ դատարանի որոշմամբ Արա Սաղաթէլեանը եւ Արամ Սարգսեանը կալանաւորուած են, իսկ Մհեր Աւագեանն ազատ արձակուած է։

Անոնք ձերբակալուած են ՀՀ ՔՕ 226-րդ (ազգային, ռասայական կամ կրօնական թշնամանք յարուցելը).  226.2 (բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչերը, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը)  եւ 307.4-րդ (ռազմական դրութեան իրաւական ռեժիմի ընթացքում տեղեկութիւնների հրապարակման կամ տարածման կանոնները խախտելը) յօդուածներով նախատեսուած արարք կատարելու կասկածանքով։