image

Ալիեւ, Էրտողան, եւ Պահչելի պիտի մասնակցին Շուշիի մէջ կառուցուելիք վարժարանի հիմնարկէքին

Ալիեւ, Էրտողան, եւ Պահչելի պիտի մասնակցին Շուշիի մէջ կառուցուելիք վարժարանի հիմնարկէքին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ «Գորշ գայլեր»ու քաղաքական թեւը համարուող «Ազգայնական շարժում» (MHP-ԱՇԿ) կուսակցութեան առաջնորդ Տէվլէթ Պահչելին պիտի մասնակցին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ յայտնուած Շուշի քաղաքին մէջ դպրոցի հիմնարկէքի արարողութեան:

Այս մասին յայտնած է MHP-ի նախագահի խորհրդական Զիյա Կունայտըն։

Նշենք, որ աւելի վաղ Պահչելին յայտնած էր Շուշիի մէջ «Գորշ գայլեր»ու միջոցներով դպրոց բանալու մտադրութեան մասին, որ ողջունած էին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: