image

Աւազակային յարձակում Կապանի մէջ. Եւ բռնութիւն տարեցի մը դէմ

Աւազակային յարձակում Կապանի մէջ. Եւ բռնութիւն տարեցի մը դէմ

20 փետրուարին, ժամը 08.50-ին, ոստիկանութեան Կապանի բաժինը հաղորդում ստացած է, որ Երկաթուղայիններու 5-րդ նրբանցքի տներէն մէկուն մէջ միայնակ ապրող տարեց տղամարդուն վրայ յարձակած են, դանակով հարուածած ոտքին եւ տունէն գումար յափշտակած:

Դէպքի վայր մեկնած օփերաթիւ խումբի ծառայողները պարզած են, որ 19 փետրուարի, ժամը 22.30-էն 23.00-ի միջեւ, անյայտ անձը պատուհանի ցանցը հանած է եւ մտած նշուած տունը։ Փող ու ոսկի պահանջելով՝ սպառնացած է 81-ամեայ տանտիրոջ, ապա կտրող-ծակող գործիքով վնասած է անոր ազդրն ու ականջները։ 120.000 դրամ եւ բջջային հեռախօս ստանալէն ետք, անյայտ անձը դիմած է փախուստի:

Ոստիկանութեան Կապանի բաժնի ծառայողները ձեռնարկած են անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումները, յանցագործին ինքնութիւնը պարզելու եւ զինք յայտնաբերելու ուղղութեամբ։

Ոստիկանութիւնը կը յորդորէ քաղաքացիները, արարքը կատարած անձին ինքնութեան կամ գտնուելու վայրի վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն ունենալու պարագային յայտնել ոստիկանութիւն, երաշխաւորելով անոնց գաղտնիութիւնը: