image
Հրատապ լուրեր:

«Հայաստան» հիմնադրամի ճամբով մեր երկիր հասած է 184 թոն օժանդակութիւն

«Հայաստան» հիմնադրամի ճամբով մեր երկիր հասած է 184 թոն օժանդակութիւն

Պատերազմի առաջին օրերէն սփիւռքի ջանքերով եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի (ՀՀՀ) օժանդակութեամբ սփիւռքի տարբեր կեդրոններէն Հայաստան հասած է մեծածաւալ մարդասիրական օգնութիւն։ Առ այսօր Հայաստան հասած է շուրջ 184345 քկ. (աւելի քան 184 թոն) մարդասիրական տարաբնոյթ օգնութիւն:

Ստացուած են բժշկական ժամանակակից սարքաւորումներ, առաջին բուժօգնութեան վիրակապեր, վէրքերու մշակման եւ մաշկի վերականգնման բուժական միջոցներ, ձմեռնային տաք արտահագուստ եւ կօշիկներ, քնապարկեր, վրաններ, մահճակալներ, սնունդ, նուէրներու փաթեթներ արցախցի դպրոցականներու համար եւ այլն:

Պատերազմի ընթացքին, սփիւռք բնակող հայերու եւ տարբեր համայնքներու մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ուժերով ԱՄՆ-էն եւ Եւրոպայէն ընդհանուր առմամբ Հայաստան հասած է շուրջ 87941 քկ. մարդասիրական օգնութիւն։ Լոս Անճելոսէն ստացուած է 61549 քկ. բեռ, Հոլանտայէն՝ 10415 քկ., Ֆրանսայէն եւ Պելճիքայէն երկու օդանաւներ Հայաստան հասցուցած են Եւրոպայի տարբեր հայ համայնքներէն հաւաքուած մօտ 15977 քկ. մարդասիրական օգնութիւն։

Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին, ստացուած մարդասիրական բեռները արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ գտնուող շահառուներուն արագ հասցնելու նպատակով, Հիմնադրամը օգնութիւնը ստանալուն պէս զիջած է Արտակարգ իրավիճակներու, Առողջապահութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն, ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է ստացուած մարդասիրական օգնութիւնը առանց օր կորսնցնելու անմիջապէս ուղղել ծառացած կարիքներու ապահովման։

Պատերազմի աւարտէն յետոյ եւս ՀՀՀ ջանքերով Հայաստան հասած է եւ բաշխուած 33389 քկ. մարդասիրական օգնութիւն։ Այս շրջանին օգնութեան մեծ մասը ժամանած է Լոս Անճելոսէն, ինչպես նաեւ Ֆրանսայէն:

Այս շրջանին ստացուած օգնութիւնը բաշխուած է շարք մը առողջապահական եւ համայնքային կառոյցներու: Որոշակի քանակի օգնութիւն` հիմնականին ձմեռնային տաք արտահագուստ եւ կօշիկներ, շահառուներուն փոխանցուած է Տաւուշի, Արարատի եւ Գեղարքունիքի մարզպետարաններու միջոցով:

Մարդասիրական բեռները կը շարունակեն ժամանել, եւ այս պահու դրութեամբ պահեստաւորուած է 22 յունուարէն մինչեւ 4 փետրուարին  Լոս Անճելոսէն ստացուած 63015 քկ. բեռը։ Անոնք տակաւին կը գտնուին մաքսազերծման եւ դասակարգման գործընթացքի մէջ եւ շուտով կը հասնին իրենց հասցէատէրերուն: