image

Նարեկ Մալեան ձերբակալուեցաւ

Նարեկ Մալեան ձերբակալուեցաւ

 

Քիչ առաջ քաղաքացիական հագուստով ոստիկանութեան աշխատակիցներ փողոցէն բերման ենթարկուած են «ՎԵԹՕ» նախաձեռնութեան ղեկավար Նարեկ Մալեանը: Այդ ամէնը տեսանկարահանած է «Իրաւական ուղի» ՀԿ համահիմնադիր Ռուբէն Մելիքեանը, որ տեսանիւթը վերնագրած է. «Հենց նոր ոստիկան ներկայացած ատրպէյճանցիները առեւանգեցին Մալեանին»:

 

Մելիքեան, մասնաւորապէս նշած է. «Հենց նոր ոստիկանութեան աշխատակիցները հրաւէրը մերժելուց յետոյ, ասացին՝ դե որ հրաւէրը չէք ընդունում, ուրեմն մենք հենց հիմա ձեզ բերման ենք ենթարկում, որը կոպտագոյն խախտում է: Ոստիկանութիւնը ընդհանրապէս հրաւէր անելու իրաւունք չունի: Պէտք է հասկանալ, թէ ինչ գործի շրջանակներում են այս գործողութիւնները, այս խայտառակ ապօրինութիւնը կատարւում: Ոստիկանութիւնը ատրպէյճանական պատուէրով ձերբակալում է Նարեկ Մալեանին»:

Երբ ոստիկանները փորձեցին նարեկ Մալեանի ձեռքերէն բռնել, ան ընդդիմացաւ՝ պոռալով, որ իրաւունք չունին իր նկատմամբ ուժ կիրառել եւ հայհոյեց Նիկոլ Փաշինեանին. «Ձեռքդ քաշի, կը գոռամ»:

Ի վերջոյ, երրորդ ոստիկանի օգնութեամբ անոնք յաջողեցան մեքենան նստեցնել Մալեանին եւ տանիլ: