image
Հրատապ լուրեր:

Արմատներով սուրիահայ Վահէ Քէօշկէրեանը նշանակուած է Արցախի նախագահի խորհրդական

Արմատներով սուրիահայ Վահէ Քէօշկէրեանը նշանակուած է Արցախի նախագահի խորհրդական

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 19 Փետրուարին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն Վահէ Քէoշկէրեան նշանակուած է նախագահի հասարակական հիմունքներով խորհրդական՝ զարգացման ծրագրերու գծով։ Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Վահէ Քէոշկերեան ծնած է 8 Մարտ 1957-ին, Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ։ Աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է Իտալիոյ մէջ՝ հիմնելով գինէգործական ընկերութիւններ Թոսքանայի եւ Պուլիայի շրջաններուն մէջ:

2009-ին իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան եւ հիմնադրած գինէգործական-խորհրդատուական «Սեմինա Քընսալթինկ» ընկերութիւնը: ինչպես նաև ներգրավվել տարբեր գինեգործական նախագծերի ստեղծման գործընթացին մէջ, ինչպիսիք են` «Կարասը», «Քաթարոն», «Քէօշը», «Զուլալը» եւ «Օշինը»:

Վահէ Քէոշկերեան ներկայիս «ՈւայնՈւըրքս» (WineWorks) ընկերութեան սեփականատէրն է, որ կը զբաղի բարձրորակ գինիներու արտադրութեամբ` աջակցելով սկսնակ գինեգործական նախագիծերուն: Ան նաեւ զարգացման ու հասարակական շարք մը այլ նախագիծերու հեղինակ է: