image

Իրանի հարցով մենք եւրոպացիներու հետ «կրկին նոյն ալիքի վրայ են». Անթոնի Պլինքըն

Իրանի հարցով մենք եւրոպացիներու հետ «կրկին նոյն ալիքի վրայ են». Անթոնի Պլինքըն

ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն BBC-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսուած է, որ ԱՄՆ-ն եւ անոր եւրոպացի գործընկերները «կրկին նոյն ալիքի վրայ են» Իրանի հարցով:

«Նախագահ Պայտըն վաղուց արդէն հասկցուցած է, որ եթէ Իրանը վերադառնայ իր միջուկային գործարքին, ԱՄՆ-ն նոյնը կ'ընէ»,-ըսած է Պլինքըն:

Ան նաեւ ըսած է, որ ԱՄՆ-ն այնուհետեւ պիտի աշխատի միւս երկիրներու հետ` այլ հարցերու մէջ Իրանին հակազդելու համար, այդ շարքին` տարածաշրջանի վրայ ազդեցութեան եւ անոր պալիսթիկ հրթիռներու ծրագրի:

«Վերջին տարիներուն մենք Իրանի վրայ գործադրած ենք այսպէս կոչուած «առաւելագոյն ճնշման» քաղաքականութիւն, որ արդիւնք չտուաւ: Իրականութեան մէջ խնդիրը աւելի սրուած է: Իրանն այժմ շատ աւելի մօտ է կարճ պատուէրներով միջուկային զէնքի համար տրոհուող նիւթեր արտադրելու հնարաւորութեան»,- ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղարը: