image

Ձիւնի տակ պատսպարուած հայ զինծառայողի լուսանկարը բորբոքած է համացանցի արաբական տիրոյթը

Ձիւնի  տակ   պատսպարուած  հայ զինծառայողի լուսանկարը  բորբոքած է    համացանցի  արաբական տիրոյթը

Օրերս  համացանցի արաբական տիրոյթին  մէջ,  տարածուած է եգիպտացի զինծառայողի նկար մը, որուն  տակ  եղած են մեկնաբանութիւններ,  ըսելով, թէ  ան  ցրտահարուած է Սինիայի թերակղզիին մէջ:  Այս   մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ    «Սփութնիք»  լրատուականի արաբական  ծառայութենէն։

Նկարը,  որ գտած է  մեծ տարածում     կը ներկայացնէ   զինուոր մը, որ կանգնած է քարէ խրճիթի տակ, եւ  պատուած  է ձիւներով: Նկարին մեկնաբանութեան մէջ նշուած է, թէ զինուորը  եգիպտական բանակի զինծառայող  է եւ ծառայած է Հարաւային Սինիայի Ս. Քեթրին լերան վրայ (արեւելեան Եգիպտոս):

 Աւելի ուշ պարզուած, որ   նկարին  տրուած   բոլոր մեկնաբանութիւնները   սխալ են, որովհետեւ այն     կը պատկանի փոթորկոտ եղանակին  հայկական սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ծառայող հայ զինուորի  մը  , որ տեղադրուած էր աւելի քան 5 տարի առաջ հայկական լրահոսին   մէջ: