image

Գանատա. Մահացած է Սահակ Սէթեան

Գանատա. Մահացած է Սահակ Սէթեան

 Օրերս Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով Հալէպցի՝ Սահակ (Իսահակ) Սէթեան։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 Նշենք, որ  Սէթեան ծնած էր Հալէպ, 19 Նոյեմբեր, 1941-ին, Սէթ եւ Լեւոնիկ Սէթեաններու ընտանեկան  յարկին տակ։ Ան ընտանիքի երկու երեխաներէն աւագն էր, ունենալով կրտսեր քոյր՝ Կրէյս անունով: Հասակ առած Հալէպի մէջ, ուր ապրած է ծնողներուն եւ քրոջ հետ մինչեւ 1962 թուականը, որմէ ետք տեղափոխուած է Լիբանան ՝ ուսումը շարունակելու նպատակով: 1966-ին ստացած է՝ համակարգչային համակարգերու ցանցային եւ հեռահաղորդակցային ճարտարագիտութեան մագիստրոսի կոչում, իսկ այնուհետեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ձեռնարկատաիրութեան կառավարման մագիստրոսի կոչում: 1972-ին ամուսնացած է Մարալ Մուպահաեաճեանի հետ, եւ միասին  պարգեւուած են երեք զաւակներով ՝ Ռաֆֆի, Թալին եւ Շանթ:

1982-ի օգոստոսին Սահակը եւ իր ընտանիքը տեղափոխուած են Գանատա, ուր ան երեւելի ներդրում ունեցած է հայկական համայնքային կեանքի աշխուժացման առընթեր։

 Հանգուցեալը ջանք չէ խնայած ուսումնական ծրագիրը բարելաւելու ուղղութեամբ՝ որպէս դպրոցի խորհուրդի նախագահ: Տարիներու ընթացքին ան մեծ խանդավառութեամբ իր ժամանակը եւ ջանքը ներդրած է հայ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին մէջ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացնելուն:

Գանատա հաստատուելէ ետք ալ, Սէթեան շարունակած է աշխատիլ որպէս Nortel Networks- ի հեռահաղորդակցման ճարտարապետ: Աշխատանքին  զուգահեռ 1997-ին ստացած է մագիստրոսի՝ Արեւմտեան Օնթարիոյի համալսարանէն, այնուհետեւ ստացած է Ծրագրի կառավարման մասնագիտական ​վկայական:

Հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ համայնքին, ,գործընկերներուն եւ ուսանողներուն, բայց ամէնէն առաջ` իր ընտանիքին եւ եկեղեցիին: