image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ գեղանկարիչ Լիւսի Թիւթիւնճեան մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով

Լիբանանահայ գեղանկարիչ  Լիւսի Թիւթիւնճեան մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով

Լիբանանի մշակութային շրջանակներուն մէջ հանրայայտ անուն հանդիսացող գեղանկարչուհի Լիւսի Թիւթիւնճեան կնքած է իր մահկանացուն։

 «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ համացանցէն։

Նշենք, որ եգիպտահայ արմատներ  ունեցող  (ան կը սերի ազնուական ընտանիքէ, որ նոյնպէս   մեծ բարերարութիւններ  կատարած է  Գահիրէի   մէջ) Լիւսի Թիւթիւնճեան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր լիբանանահայութեան գաղութային կեանքին եւ ներդրում ունէր նաեւ  գեղանկարչութեան ոլորտին մէջ։

Անոր անմիջական ճիգերով եւ բարերարութեամբ Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ հիմնուած էր Համազգայինի գեղարուեստի ցուցասրահը, որ կը կրէ իր անունը՝  «Լիւսի Թիւթիւնճեան արուեստի ցուցասրահ»։

Արուեստի շրջանակներուն ու հայ նորահաս սերունդին կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն համարուող Լիւսի Թիւթինճեանի մասին կարճ գրառում մը կատարած է լիբանանահայ  գործիչ Յակոբ Հաւաթեան. 

«Բարի, բարեխօս, բարեգործ եւ ազնուական տիկին Լիւսի, ննջէ խաղաղութեան եւ լոյսերու մէջ։ Հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան եւ կրթութեան մեծ սիրահար, հոգատար մայր եւ արուեստագէտ, կը խոնարհինք վաստակիդ դիմաց»։

Լիւսի Թիւթիւնճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ի ներկայութիւն փոքրաթիւ սգակիրներու (երկրին մէջ տիրող համընդհանուր տնակալման պայմաններուն պատճառով)։