image

Ոչ եւս է լիբանանցի հայասէր գործիչ՝ Միշէլ Մըրը

Ոչ եւս է լիբանանցի հայասէր գործիչ՝ Միշէլ Մըրը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանցի քաղաքական յայտնի գործիչ  Միշէլ Մըրը։

Այս   մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան  ԶԼՄ-ներէ։

 

Երկար տարիներէ ի վեր Լիբանանի  խորհրդարանի  անդամ Միշէլ Մըր զբաղեցուցած է  բարձրագոյն  պաշտօններ,  տարբեր առիթներով ալ  դառնալով  ազդեցիկ   գերատեսչութիւններու նախարար։

 

Մըր, որ անդամ է  Լիբանանի յոյն ուղղափառ համայնքին,  կարեւոր  գործունէութիւն ծաւալած է  մասնաւորապէս  1990 թուականէն  ետք, երբ իր հմտութեամբ եւ քաղաքական  իրատեսութեամբ կարեւոր կապ հանդիսացած է  մէկ կողմէ Լիբանանի մէջ  կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող սուրիացի պատասխանատուներուն եւ միւս կողմէ ալ՝ քրիստոնէական ճակատներուն միջեւ։

Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի վերջին փուլին,  երբ  բանակը առաջնորդող  զօր. Միշէլ Աունը (ներկայիս նախագահ) եւ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ  տօքթ. Սամիր Ժաաժա ծանր բախումներու տարին  երկիրը, որմէ ետք ալ Աուն ստիպուեցաւ   տեղի տալ եւ դէպի Ֆրանսա  աքսորի ճամբան ընտրել, իսկ Ժաաժա բանտարկուեցաւ, Մըր կարողացաւ  բառին իսկական իմաստով «տէրութիւն» ընել քրիստոնեայ   վիրաւոր հասարակութեան։

Հասարակական  գործի հաւատացող, շինարար եւ քրիստոնէական արժէքներու կրող հանդիսացող Միշէլ Մըր,   շնորհիւ իր ձեռներէցութեան կարողացած է դառնալ քրիստոնէական ճակատներուն մէջ   ըսելիք ունեցող, ճանապարհ հարթող  առաջնորդ, հակառակ անոր որ  չարամիտ կողմեր շատ յաճախ զինք մեղադրած են  երկրին մէջ  աւատապետական կարգ սահմանելուն մէջ, անտեսելով այն փաստը, որ համայնքային  երկիր մ՚ըլլալով  Լիբանան միշտ ալ կառավարուած է «իշխող տուներու» դրոյթով։

Տեղին է նշել, որ Մըր ջերմ յարաբերութիւն ունեցած է  լիբանանահայութեան հետ, եւ այդ բարեկամութիւնը աճած է  նախքան  քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելը, երբ ան որպէս  վարչարար կը գործակցէր  Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ։

Նոյն պատուհանէն ալ պէտք է դիտարկել անոր գործակցութիւնը ՝ ՀՅԴ-ին հետ, որ դարձած է իր ընտրական  դաշինքներուն մասնակցող հիմնարար ուժ, ուրուն շնորհիւ ալ   ան  կարողացած է բարձր վարկանիշ ապահովել իր ընտրական ցանկերուն,   հանդիսանալով Մեթն շրջանի (հայահոծ շրջան) ամէնէն  ազդեցիկ ներկայութիւններէն մին։

Բարեհամբոյր, հեզ,  եւ պատրաստակամ գործիչ էր Միշէլ Մըր,  որ միշտ ալ մեծ յարգանք տածած է հայութեան հանդէպ վերհանելով հայկական դատի  տարբեր երեսակները եւ իր մասնակցութեամբ  «ներկայ եմ» ըսելով  հայկական օրակարգի   ամենատարբեր պայքարներուն։

Ան  մշտական կապ ունեցած է  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան հետ եւ մեծապէս արժեւորած  նուիրապետական  Աթոռի  դերն ու  ներկայութիւնը։

Ըլլալով  իր ընտանիքին  նուիրուած հայր Մըր ունեցած է  երեք  զաւակներ՝  Միրնա, Լէա    եւ Էլիաս։ Անոր  անդանիկ   զաւակը՝ Էլիաս   Մըր,  ժամանակի մը համար եղած   Լիբանանի  ներքին գործոց, ու նաեւ  պաշտպանութեան նախարար, իսկ ներկայիս      կը  զբաղեցնէ միջազգային    հետախուզական-ոստիկանութեան  (Interpol) գլխաւոր   պատասխանատուի   պաշտօն։

Յիշեցնենք, որ Մըր   մահացաւ  89 տարեկան հասակին։