image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ՝ Բիւզանդ Պետոյեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Լիբանանահայ՝ Բիւզանդ Պետոյեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։

«Քորոնա»ի հետեւանքով  իր մահկանացուն կնքած է    Լիբանանի հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող Բիւզանդ Պետոյեանը։

Բնիկ  Էյպէզցի Պետոյեան անդամ էր  հայ  կաթողիկէ համայնքին եւ  75 տարեկան էր։

Վաղ տարիքէն ՀՅԴ շարքերուն անդամակցած Պետոյեան  միշտ ալ եղած է հաւատաւոր   կուսակցական  եւ տարբեր  պաշտօններ ստանձնելով մասնակից դարձած է գաղութային կեանքին, անդամ էր  ՀՅԴ  «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան։

Ան որդին էր Անդրանիկ Պետոյեանի, որ  մեծ աւանդ  բերած է Լիբանանի ճանապարհային շինարարութեան ոլորտին մէջ։

Յիշատակելի է, որ  Բիւզանդ  Պետոյեան,  տարբեր առիթներով   ալ, որպէս բարերար   իր  նիւթական  օժանդակութիւնը  բերած է լիբանանահայ գաղութի  տարբեր միութիւններուն։

Նշենք նաեւ, որ Պետոյեան եղբայրն էր, վաղամեռիկ  Դաշնակցական գործիչ եւ քաղաքագէտ Դոկտ. Հրաչ Պետոյեանին։