image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սարգսեան վարակուած է «Քորոնա»ով

Նախագահ Սարգսեան վարակուած է «Քորոնա»ով

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Այդ մասին յայտնած են նախագահի գրասենեակէն, երբ news.am-ը հետաքրքրուած է՝ արդեօք Սերժ Սարգսեանը պիտի  այցելելէ «Եռաբլուր» պանթեոն:

«ՀՀ երրորդ նախագահը, ցաւօք, այս տարի չի կարողանայ այցելել «Եռաբլուր», քանի որ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու պատճառով յունուարի 17-ից գտնւում է քարանթինի մէջ եւ հասկանալիօրէն յետաձգել է իր բոլոր հանդիպումներն ու այցելութիւնները: Նախագահի անունից առաւօտեան ծաղկեպսակ է դրուել «Եռաբլուր»-ում եւ յարգանքի տուրք մատուցուել  Հայոց բանակի ձեւաւորման եւ բանակաշինութեան գործում իրենց մեծագոյն աւանդն ունեցած նուիրեալ զաւակների ու Հայրենիքի պաշտպանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիների յիշատակին»,-յայտնած են գրասենեակէն:

Ըստ աղբիւրի՝ ՀՀ երրորդ նախագահի ինքնազգացողութիւնը լաւ է, կ'ապաքինուի տան մէջ, վարակը կը յաղթահարէ առանց բարդութիւններու: