image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիներ Մառնէուլի շրջանին մէջ յարձակած են Հայաստան եկող 30-էն աւելի բեռնատարի վրայ

Ատրպէյճանցիներ Մառնէուլի  շրջանին մէջ   յարձակած են  Հայաստան եկող 30-էն աւելի բեռնատարի վրայ

Երէկ, կէսգիշերը անց, Մառնէուլի մէջ ատրպէյճանցիներ յարձակած են հայկական բեռանատար ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ, ջարդ ու փշուր ըրած են բեռներ փոխադրող 30 էն աւելի ինքնաշարժ, կը հաղորդէ «Yerevan Today»-ը:

Աղբիւրը նշած է, որ վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին  այս  երկրորդ դէպքն է, որ կը գրանցուի։

Միջադէպի պատճառաւ տուժած անձերու եւ գոյքի մասին մանրամասնութիւներ առայժմ յայտնի չեն, վարորդներէն մէկը պատմած է, որ սարսափած են եւ ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի   եղած սադրանքով չներքաշուին կռիւի մէջ: