image

Պոլսոյ քաղաքապետը խոստացած է Թուզլայի «Քէմբ արմէն»ը երիտասարդական կեդրոնի վերածել

Պոլսոյ  քաղաքապետը խոստացած է Թուզլայի «Քէմբ արմէն»ը երիտասարդական կեդրոնի վերածել

 

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) անդամ, Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն պոլսահայ նշանաւոր գործիչ, «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցի կապակցութեամբ գրառում ըրած է Twitter-ի էջին։

Ընդդիմադիր գործիչը ոգեկոչած է Հրանդ Տինքի յիշատակը։

Իմամօղլուն յայտնած է, որ Թուզլայի հայկական որբանոցը, ուր անցած է Տինքի մանկութիւնը, պիտի վերածուի «Քէմփ Արմէն» ճամբարի երիտասարդական կեդրոնի։ Ան նշած է, որ այդ որոշումը միաձայն ընդունուած է Պոլսոյ աւագանիի նիստին։ 

Իմամօղլուի տեղեկացմամբ՝ այժմ սկսած են ճամբարի վերականգնման ճարտարապետական նախագիծի աշխատանքները։ 

Յիշեցնենք, որ «Քէմփ Արմէն» հայկական ճամբարը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող լքեալ ու կիսաքանդ շինութիւն մըն է: 8.552քմ տարածք զբաղեցնող «Քէմփ Արմէնը» 1961թ. գնուած է Հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամի կողմէ եւ ծառայած է  որպէս ամառնային ճամբար` հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներուն համար: Այնտեղ  մեծցած են Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը՝ Ռաքել Տինքը: Հետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններու կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն:

 

Լուրը՝ «Էրմէնի հապէր»էն