image
Հրատապ լուրեր:

Տոպրակներով մարմիննե՞ր ... Անյայտ կորսուած զինուորներու հարազատները կը շարունակեն բողոքի գործողութիւնները

Տոպրակներով մարմիննե՞ր ... Անյայտ կորսուած զինուորներու հարազատները կը շարունակեն բողոքի գործողութիւնները

Զանգելանի հատուածէն գտնուած զինծառայողներու մարմինները դեռ չեն ճանչցուած, DNA-փորձաքննութեան պատասխաններուն կը սպասենք հասկնալու համար մեր երեխաներու մարմիննե՞րն են, թէ` ոչ: Այս մասին ըսած է Էջմիածնի N զօրամասի անյայտ կորսուած զինծառայողներէն մէկուն մայրը՝ Անահիտ Ադոյեանը:

«Բողոքի արշաւներ դեռ չենք անցկացնում, քանի որ Զանգելանի հատուածից տոպրակով զինծառայողների մարմիններ են բերել, չգիտենք էլ քանի մարմին է, Աստուած տայ մեր որդիների մարմինները չլինեն: Բոլորս այս պահին սպասում ենք DNA փորձաքննութեան պատասխաններին»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ Էջմիածնի N զօրամասի 34 անյայտ կորած համարուող զինծռայողներու հարազատները 3 ամիսէն աւելի  որեւէ տեղեկութիւն չունին իրենց զինծառայողներէն։ Անոնց խօսքով՝ զինուորներն անյայտ կորսուած են Զանգելանի տարածքի մէջ։

Նշենք, որ անյայտ կորսուած զինծառայողներու հարազատները պարբերաբար արշաւներ կ'իրականացնէին զօրամասի, Կառավարութեան եւ ՊՆ դիմաց, պահանջելով, որպէսզի Զանգելանի տարածքին մէջ սկսին որոնողական աշխատանքերը։

 

Լուրը՝ NEWS.am-էն