image

Պէյրութի մէջ մահացած է Էւա Մէրտանեան-Տէր Արթինեան

Պէյրութի մէջ մահացած է Էւա Մէրտանեան-Տէր Արթինեան

Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազնիւ հայուհի Էւա Մէրտանեան- Տէր Արթինեանը։

  Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Մեր տուեալներով հայուհին անակնկալ անհանգստութեան մը հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր եւ աւանդած է իր հոգին։

 

 Բարի մայր, եւ իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ օժտած Տիկին Էւան մայրն է Հայաստանի ՀՄՄ-ի ատենապետ Տիար Թորոս Տէր Արթինեանին։

Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պէյրութի մէջ, իսկ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ վաղը՝ 25 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին  կեդրոնի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

 Ցաւակցութիւններ։