image

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2 320 մարդ անյայտ կորսուածներու հարցով քաղաքացիներու օգնութեան կեդրոն դիմած է

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2 320 մարդ անյայտ կորսուածներու հարցով  քաղաքացիներու օգնութեան կեդրոն դիմած է

 

Ստեփանակերտի մէջ աշխատանքը կը շարունակուի քաղաքացիներու ընդունման կէտէն ներս, ուր ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան մասնակիցներու, անյայտ կորսուածներու մասին տեղեկութիւններու հաւաքման «թէժ գիծ»: Անոնց որոնումը կ'իրականացուի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի, ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներու հետ փոխգործակցութեամբ: Բոլոր դիմումները կը գրանցուին, կը մուտքագրուին տուեալներու շտեմարան եւ կը փոխանցուին համատեղ որոնողական խումբերուն, յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: 

Քաղաքացիներու ընդունման կէտ օգնութեան համար դիմած է ընդհանուր 2 320 մարդ, այդ շարքին՝ 575-ը «թէժ գիծի» հեռախօսով:

Նշենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հրաժարին հրապարակել անյայտ կորսուածներու թիւը՝ յղում կատարելով պետական գաղտնիքին: