image

Վարդենեաց լեռնանցքը փակ. Կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

Վարդենեաց լեռնանցքը փակ. Կան դժուարանցանելի ճանապարհներ

 

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ ճանապարհներ:
 Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ դէպի Քարի լիճ տանող ճանապարհները փակ են։

Վարդենեաց լեռնանցքը փակ է բոլոր փոխադրային միջոցներու համար։

Վայոց ձորի մարզի Չիւա-Ելփին, Սարաւան-Զանգեր ճանապարհները եւ Սիւնիքի մարզի Գորիս-Շուռնուխ, Սիսիան-Զանգեր ճանապարհները, «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածը դժուարանցանելի են։

Արագածոտնի մարզի Ապարան եւ Թալին քաղաքներու, Լոռիի մարզի Վանաձոր եւ Ստեփանաւան քաղաքներու ճանապարհներուն տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց:

Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ կը տեղայ ձիւն։

Արագածոտնի մարզի Ապարանի տարածաշրջանին մէջ բուք է։

Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն եւ ՌԴ ԱԻՆ Հիւսիսային Օսիայի ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է միայն մարդատար մեքենաներու համար, ինչպէս նաեւ ռուսական կողմի մօտ կայ կուտակուած 820 բեռնատար մեքենայ:

ՀՀ ԱԳՆ-էն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ օտարերկրացիներու՝ Վրաստան մուտքն արգիլող որոշումը կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ։ Արգելքը չի վերաբերիր բեռնափոխադրումներուն:

Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։