image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիք մի քանի օր առաջ հայ գերի մը գնդակահարած են

Ատրպէյճանցիք մի քանի օր առաջ հայ գերի մը գնդակահարած են

 

Արցախի՝ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն նախօրէին՝ 18 յունուարին սպանուած յայտնաբերուած հադրութցի 44–ամեայ տղամարդը գերութենէն շուրջ մէկ ամիս առաջ վերադարձած հադրութցի Սաշա Կարախանեանի որդին էր, որ նոյնպէս գերութեան մէջ էր։

Սաշա Կարախանեանի թոռնիկը՝ Վրէժ Կարախանեանը յայտնած է, որ հօրեղբօր մարմինը Հատրութի մէջ որոնողական աշխատանքներ ընողները գտած են պատահաբար։ Արսէն Կարախանեանը ատրպէյճանցիները սպաննած ու թաղած են Հատրութի գիւղերէն մէկուն մէջ:

«Մի անգամ անցած են եղել նոյն տեղով, նման բան չի եղել, այս անգամ տեսել են՝ փոսն ուրիշ ձեւ է, քանդել են, գտել մարմինը։ Մի քանի օրուայ սպանուած է եղել, մարմնին էլ՝ կապտուկներ»,- նշած է ան։

Արսէն Կարախանեանի ընտանիքը 6 յունուարին հաստատ իմացած էր, որ ան գերի է, երբ ատրպէյճանցիները անոր տեսանիւթը տարածած էին ընկերային ցանցերու մէջ։ 

Հատրութի բնակիչ Սաշա Կարախանեանը գերեվարուած էր իր տունէն հոկտեմբեր ամսուն։ Ան 44 անձանց հետ շուրջ մէկ ամիս առաջ հայրենիք վերադարձած էր։ Անոր որդիի՝ Արսէնի մասին ընտանիքը լուր չունէր, կ'ենթադրէին, որ գերի է, որմէ ետք տեսած էին համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթը եւ համոզուած, որ գերեվարուած է։

 

Լուրը՝ NEWS.am-էն