image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Բաբգէն Սրբազան Գանատայի մէջ հիմնած է «Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան ֆոնտ»ը

Տ. Բաբգէն  Սրբազան  Գանատայի մէջ  հիմնած է «Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան ֆոնտ»ը

 Գանատայի  «Հորիզոն»էն կը կարդանք՝

 

 

Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վախճանման առիթով, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, կը հիմնէ «ՄԵՂՐԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՐԻՔԵԱՆ ՖՈՆՏ», որ պիտի սատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։
Հետեւաբար, կոչ կ՚ուղղենք Թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին, որ փոխան ծաղկեպսակի իրենց նուիրատուութիւնները կատարեն հոգելոյս Սրբազանի յիշատակին հաստատուած «ֆոնտ»ին։
Վստահ ենք, որ մեր հաւատացեալները իրենց նուիրատուութիւններով պիտի անթառամ պահեն յիշատակը հոգելոյս Մեղրիկ Սրբազանին, որպէս նախկին Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին։
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ