image

Պէյրութի մէջ առցանց համակարգով նշած են հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի յիշատակի օրը

Պէյրութի մէջ առցանց համակարգով նշած են հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի յիշատակի օրը

Պէյրութի մէջ, կազմակերպութեամբ տեղի ՍԴՀԿ-ի ՏՈԵՄ-ին (Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութիւն), առցանց միջոցներով նշած են հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի յիշատակի օրը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ՏՈԵՄ-ը այս առիթով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-

«Նկատի ունենալով համաճարակի պատճառով Լիբանանի կառավարութեան նախաձեռնած սահմանումները, Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութիւնը, այս տարի, նահատակ ընկ. Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան յիշատակի տարելիցը ձեռնարկեց առցանց միջոցներով:

Տխրունիականները, կրկին անգամ վերանորոգելով իրենց ուխտը, վերահաստատեցին իրենց կամքն ու համոզմունքը, շարունակելու անշահախնդրօրէն ծառայել եւ թիկունք կանգնիլ մեր զոյգ հայրենիքներուն, կուսակցութեան եւ միութեան, կառչած մնալով մեր ժառանգած ուխտին, գաղափարախօսութեան եւ համոզմունքներուն»: