image

Լաւ լուրը չ՚ուշանար. վարչապետը յոյս տուած է գերիներու հարազատներուն

Լաւ լուրը չ՚ուշանար. վարչապետը յոյս տուած է գերիներու հարազատներուն

Նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ընդունած է անհետ կորած զինծառայողներու ծնողները եւ անոնց հետ զրուցած է աւելի քան երեք ժամ:

Ծնողներու խօսքերով, վարչապետը նշած է, որ անհետ կորած զինծառայողներու որոնման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: Հայաստանը ձեռք բերած է DNA հետազօտութեան 2-րդ սարքը, որով առաւել հեշտությամբ պիտի իրականացուի յայտնաբերուած մարմիններու նոյնականացումը:

Իսկ գերիներու Հայաստան վերադարձի ուղղութեամբ վարչապետը ծնողներուն փոխանցած է, որ այդ ուղղութեամբ եւս աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին եւ յոյսով է, որ լաւ լուրը չուշանար: