
Ճօ Պայտըն շուտով պաշտօնապէս կը ստանձնէ ԱՄՆ նախագահի պաշտօնը, մինչ այդ ան արդէն կատարած է առաջին նշանակումները: 26-ամեայ ամերիկահայ Հայկ Հաճինազարեան Ճօ Պայտընի որոշումով նշանակուած է Սպիտակ տան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան գծով տնօրէն:
Հայկ Հաճինազարան նախապէս ծառայած է, որպէս Պայտընի քարոզարշաւի Արեւմտեան Փենսիլվանիա նահանգի մամլոյ քարտուղար: Մինչ այդ Նիու Հեմփշիրի, Նեվատայի, Թեքսասի, Օհայոյի եւ այլ նահանգներու նախնական եւ ընդհանուր ընտրութիւններու ընթացքին աշխատած է քարոզարշաւի հասարակութեան հետ կապերու խումբի կազմէն ներս:
Նախքան քարոզարշաւին միանալը, ան կ'աշխատէր ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ:
Ծնած է Օհայոյի Քոլոմպըս քաղաքը, լիբանանահայ ներգաղթեալ ծնողներու ընտանիքէ: Հաճինազարեան աւարտած է Ինտիանայի համալսարանը եւ Ուաշինկթոնի համալսարանի քաղաքական կառավարման բարձրագոյն դպրոցը:




















