image

Պաքու չարտօնէր, որ Շուշիի մէջ գտնուող արուեստի կոթողական գործերը դուրս հանուին

Պաքու չարտօնէր, որ Շուշիի մէջ գտնուող արուեստի կոթողական գործերը դուրս հանուին

Յայտնի երկրաբան, բարեգործ՝ Կրիգորի Գաբրիէլեանց, «Շուշի  քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի (Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններ) տնօրէն՝ Լուսինէ Գասպարեան եւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարեն ռուսական կողմի հետ թշնամիին յանձնուած Շուշի քաղաքի դեռեւս պահպանուած թանգարանային ցուցանմուշները փրկելու եւ տարհանելու շուրջ։ Այս մասին յայտնեց Լուսինէ Գասպարեան։ 

Մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը Արցախի մշակութային կեդրոն համարուող Շուշիին մէջ գործած է 4 պետական եւ 2 մասնաւոր թանգարան։ Պատերազմի ժամանակ միայն գորգերու մասնաւոր թանգարանի ցուցանմուշները տարհանուած  են քաղաքէն, իսկ ՊՈԱԿ-ի 4 թանգարաններէն 3-ի ցուցանմուշները փոխադրուած են ռմբապաստարան։

«Մենք ամբողջ նմուշները ռմբակոծութեան տակ ենք տեղափոխել ռմբապաստարան եւ եթէ շշուկներ հասած լինէին, որ հնարաւոր է քաղաքը յանձնուէր, մենք այդ հաւաքածուները կը տեղափոխէինք Ստեփանակերտ, ինչպէս դա արուեց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած միւս տարածքների դէպքում»,–ըսաւ Գասպարեան:

Փաստացի ներկայիս թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած են Շուշի քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի 197 յուշարձան (158 միաւոր), Կերպարուեստի թանգարանի մօտ 800 գեղանկարներ, կրաֆիկական աշխատանքներ եւ քանդակներ: Նաեւ Շուշիի երկրաբանութեան թանգարանի 700–էն աւելի նմուշներ, որոնց մեծ մասը թանգարանին նուիրաբերած էր ԽՍՀՄ երկրաբանութեան վերջին նախարար, երկրաբանահանքաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր՝ Կրիկորի Գաբրիէլեանց։

«Իմանալով  թշնամու ձեռագիրը, դրական ակնկալիքներ չունենք բանակցութիւններից, սակայն պէտք է ամէն ինչ անել եղածը փրկելու համար»,–ըսաւ Գասպարեան։ Ան աւելցուց, որ ատրպէյճանական հրապարակուած նկարներուն մէջ կ'երեւի, որ թանգարանը  չէ աւերուած, նաեւ ռմբապաստարան տեղափոխուած նմուշները մինչեւ 9 նոյեմբեր վնասուած չէին կրնար ըլլալ: Եթէ ատրպէյճանական կողմը հրաժարի նմուշները վերադարձնելէ, մենք գործ կ'ունենանք հերթական պատերազմական յանցագործութեան հետ։

 


Նիւթը՝ NEWS.am-էն