image

Թիֆլիսի հոգեւոր հայրերու ժողով.Գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին

Թիֆլիսի հոգեւոր հայրերու ժողով.Գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին

12 յունուար 2021-ին Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի եկեղեցիներու մէջ ծառայող հոգեւորաց եւ սարկաւագաց դասի ընդհանուր ժողովը: Այն սկսած է Տէրունական աղօթքով: Ժողովը կը նախագահէր Վիրահայոց թեմի առաջնորդ հոգեշնորհ Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանը:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդը հանգամանալից խօսած է 2021 թուականի ծրագրերու մասին, որոնք կը բխին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յանձնարարականներէն, կոչուած են եկեղեցական ազգային տօներու հաւուր պատշաճի տօնակատարութեան: Թեմի թիֆլիսեան եկեղեցիներու ծրագրերու տեսլականն է Եկեղեցւոյ շուրջ քրիստոնէական սիրով թիֆլիսահայութեան համախմբումը, հայապահպանութեան եւ ազգապահպանութեան գաղափարներու տարածումը, Հայ Առաքելական եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումը:

Ժողովին ներկայ հոգեւոր հայրերը ներկայացուցած են առաջիկայ Սուրբ Սարգիսի, Վարդանանց, Տիառնընդառաջի, Բարեկենդանի եւ միւս տօներու զանգուածային կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ խօսած են ժողովուրդի նկատմամբ ցուցաբերուող մարդասիրական աջակցութեան, բարեգործութեան մասին, որ շարունակական բնոյթ ունի:

Հոգեւորաց ժողովն աւարտած է Պահպանիչ աղօթքով: