image

Ֆիզուլի, Ջապրայիլ եւ Արցախ-Սիւնիք հատուածներուն մէջ 7 զինուորի դիակ յայտնաբերուած է

Ֆիզուլի, Ջապրայիլ եւ Արցախ-Սիւնիք հատուածներուն մէջ 7 զինուորի դիակ յայտնաբերուած է

Մարտական գործողութիւններու Ֆիզուլիի, Ջապրայիլի ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ Արցախի ու Սիւնիքի մարզի միջանկեալ հատուածին մէջ իրականացուած որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է եւս 7 զինծառայողի աճիւն: Այս մասին յայտնած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը:

«Ընդհանուր առմամբ՝ առայսօր մարտական գործողութիւնների հատուածներում յայտնաբերուած զոհուած զինծառայողների եւ քաղաքացիական անձանց թիւը 1229 է: Այսօր որոնողական աշխատանքներ են իրականացւում Քարինտակի, Մատաղիսի եւ Թալիշի հատուածներում»,-նշած է Թադեւոսեանը: