
Փաշինեանի հրաժարականը համազգային պահանջ կը դառնայ: Այս մասին «КП» ռատիոյի եթերին յայտարարած է ՌԴ պատգամաւոր Կոնստանթին Զատուլինը:
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանն իրեն շատ կամակոր կը պահէ, զգալով Թուրքիոյ աջակցութիւնը: «Ի հարկէ, երբ Ատրպէյճանի ղեկավարը կու գայ Մոսկուա, ան այստեղ բաւական լաւ կը կողմնորոշուի եւ ամէն ինչ կ'ըսէ այնպէս, ինչպէս մենք կ'ուզենք լսել: Ընդ որում, կ'ուզեմ նշել, որ հայկական կողմը խորագոյն ընկճախտի մէջ է: Ներքաղաքական ճգնաժամը լուծուած չէ: Քաղաքական կուսակցութիւններու մեծ մասը, եկեղեցին, փաստօրէն, երկրի ողջ մտաւոր վերնախաւը կը պահանջեն գործող վարչապետի հրաժարականը»: Մատնանշելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյցը ՀՀ վարչապետի այցի օրը` Զատուլինը նշած է, որ «Փաշինեանի հրաժարականի պահանջները կը դառնան համազգային պահանջ»:
«Պարզ է, որ ընկճախտի եւ պարտութեան այդ մթնոլորտին մէջ կասկածներ կան, թէ ղեկավարութեան կողմէ ամէն ինչ իսկապէս ազնի՞ւ եղած է, եւ ինչո՞ւ Հայաստանի նոր ղեկավարը թոյլ տուած է նման ձախողում բոլոր հարցերու մէջ՝ բանակցութիւններուն, պաշտպանութեան, մնացած ամէն ինչին: Եւ ասոնք բոլորը հարցերն են, որոնք սուր դրուած են Հայաստանի մէջ: Եւ դժուար թէ անոնք վերանան, այդ շարքին՝ այս հանդիպումով (Փութինի եւ Ալիեւի հետ - խմբ.)»:


















