image

Կաթոլիկ եկեղեցին ծիսական նոր իրաւասութիւններ պիտի շնորհէ կանանց

Կաթոլիկ եկեղեցին ծիսական նոր իրաւասութիւններ պիտի շնորհէ կանանց

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Կանոնական իրաւունքի օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցած է՝ պաշտօնապէս օրինականացնելով ժամերգութեան ժամանակ կանանց շարք մը գործառոյթներ իրականացնելու իրաւունքը։ Այս մասին կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի կայքը։

Խօսքը, մասնաւորապէս, ասմունքողներու եւ ընկերակցողներու մասին է, որոնց դերով «աշխարհիկ տղամարդոց» փոխարէն այսուհետ կրնան հանդէս գալ նաեւ կանայք։

Նշուած է, որ փոփոխութեան ենթարկուած է Կանոնական իրաւունքի օրէնսդրութեան 230-րդ կանոնի առաջին պարբերութեան ձեւակերպումը, որ այսուհետ ունի հետեւեալ ձեւակերպումը․ «Եպիսկոպոսական համաժողովի կողմէ ընտրուած համապատասխան աշխարհիկ կանայք կրնան նշանակուիլ ասմունքողի կամ ընկերակցողի մշտական ծառայութեան»։

Հարկ է նշել, որ 1570 թուականին Հռոմի պապ Պիոս V-ն արգիլած է ժամերգութիւններուն կանանց մասնակցութիւնը։

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը բազմիցս ընդգծած է ժամանակակից եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կանանց դերի կարեւորութիւնը եւ անոնց Վատիկանի շարք մը գերատեսչութիւններուն մէջ նշանակած է կարեւոր պաշտօններու: