image

Ֆրանչիսկոս Պապ պատուաստ պիտի ստանայ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատուաստ պիտի ստանայ

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապ թագաժահրի դէմ պատուաստ պիտի ստանայ յաջորդ շաբաթ։ Պապի խօսքերով ՝ պատուաստը անհրաժեշտ է ստանալ նաեւ բարոյական տեսանկիւնէն, քանի որ այդ կերպով մարդը կը պաշտպանէ ե՛ւ ինքազինքը ե՛ւ շրջապատը, գրած է ԹԱՍՍ:

«Յաջորդ շաբաթ մենք կը սկսինք այդ (պատուաստը- խմբ.) այստեղ՝ Վատիկանի մէջ, եւ ես ամրագրած եմ տեղը։ Այդպէս պէտք է ընել», – յայտարարած է Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ 84-ամեայ ղեկավարը։

Հռոմի պապը աւելցուցած է, որ պատուաստները առաջին անգամ չէ, որ փրկած են մարդկութիւնը եւ աշխարհը ազատած բազմաթիւ հիւանդութիւններէ։

Վատիկանի ղեկավարի կարծիքով՝ պատուաստումէն հրաժարիլը «ինքնասպան մերժում է»։