image

Ըստ Էրտողանի Թուրքիոյ ապագան Եւրոպայի կազմին մէջ է

Ըստ Էրտողանի Թուրքիոյ ապագան Եւրոպայի կազմին  մէջ է

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան բանակցութիւններ վարած է Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար՝ Ուրսուլի վոն տեր Լէյենի հետ:

Ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով թուրք նախագահի գրասենեակին, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններու երկկողմանի զարգացման հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները: «Նախագահ Էրտողան բանակցութիւններու ժամանակ յայտարարած է, որ ԵՄ-ը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ: Ան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ ապագան կը տեսնէ Եւրոպայի կազմին մէջ»,- ըսուած է Էրտողանի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողան մատնանշած է Մաքսային միութիւնը վերանայելու, Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար ազատ վիզային ռեժիմ ապահովելու եւ ԵՄ-ի Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին բանակցութիւններու մէջ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոր խօսքով՝ «անհրաժեշտ է վերականգնել փոխադարձ վստահութիւնը, վերականգնել խորհրդակցութիւններու մեքենականութիւնը եւ վերջ դնել խտրական գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հասցէին հնչող հռետորաբանութեան»:

Թուրքիան 1964 թուականէն ի վեր Եւրոպական միութեան կապուած անդամ է, անդամակցութեան յայտ ներկայացուցած է 1987 թուականին:

2017 թուականին Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ կոչ ընելով Եւրոպական միութեան երկիրներուն եւ Եւրոպաական յանձնաժողովին դադրեցնելու բանակցութիւնները Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ, քանի դեռ երկրի իշխանութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններ չեն ըրած: