image

Հայաստան հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդը զոհ՝ «Քորոնա»ի

Հայաստան հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդը զոհ՝ «Քորոնա»ի

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ Մանուէլ (Մանօ) Մինասեան։  

  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։

Մեր տեղեկութիւններով Մանօն (Ծնեալ 1981-ին Պէյրութ) մահացած է «Քովիտ-19» վարակին հետեւանքով հակառակ վերջին օրերուն շտապ կերպով հիւանդանոց փոխադրուելուն եւ բժիշկներու անոր կեանքը փրկելու  մեծ փորձերուն։

Երկար տարիներ ծառայած է Պէյրութի Սիս շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ դառնալով, որպէս սարկաւագ եւ անդամ դպրաց դասուն։Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը ունէր այլ խնդիրներ։
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը՝ Երեւանի մէջ։