image

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի այցէն ետք հացադուլ ընողները դադրեցուցած են հացադուլը

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի այցէն ետք հացադուլ ընողները դադրեցուցած են հացադուլը

ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեանը գրած է.

«Սիրելի զինակիցներ, ընկերներ, հարազատներ։ Մեր միասնական հացադուլի 9-րդ օրը, Կառավարութեան շէնքի դիմաց այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ան բաւականին երկար զրուցեց մեր հետ, յորդորեց դադրեցնել հացադուլը, քանի որ պայքարի այլ ուղիներ կան։ Եղած էին բազում նման յորդորներ անցնող օրերուն, բայց շարունակեր էինք մեր գործողութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետին դժուար էր մերժելը։ Այսօրուընէ մեր զինակից ընկերներուն հետ կը դադրեցնենք հացադուլը, ու կը շարունակենք մեր պայքարը։ Նոր օր, նոր ՊԱՅՔԱՐ։

Նիկոլը պէտք է անյապաղ հեռանայ։ Մանրամասները՝ առաւել մանրամասն կը ներկայացնեմ այսօր երեկոյեան։ Շնորհակալ եմ աջակցութեան, զօրկացութեան եւ սրտացաւութեան համար»։