image
Հրատապ լուրեր:

Կը փորձենք փրկել Ծիծեռնավանքը. Վրթանէս Սրբազան

Կը փորձենք փրկել Ծիծեռնավանքը. Վրթանէս Սրբազան

1 Դեկտեմբերէն Ատրպէյճանին յանձնուող՝ Քաշաթաղի շրջանի  Ծիծեռնավանքի պահպանման հարցով դեռ բանակցութիւններ կ'ընթանան: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս սրբազանը, որ այս օրերուն կը փոխարինէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանին։

«Լուրջ բանակցութիւններ են գնում, մեր ցանկութիւններն ենք արտայայտում ռուս խաղաղապահներին, որ Ծիծեռնավանքը պահպանուի, ճանապարհներ ենք փնտռում, որ փրկենք վանքը, հոգեւորականներ այցելեն, աղօթք անեն, պատարագ անեն»,- ըսած է ան։

Նշենք, որ Քարվաճառը Ատրպէյճանին անցնելէ ետք Դադիվանքը ռուս խաղաղապահները պիտի հսկեն։ Այնտեղ նախօրէին պատարագ մատուցուած է հայ հոգեւորականներու կողմէ, անոր մասնակցած են հաւատացեալներ, որոնք մեկնած են Ստեփանակերտէն։ Անոնք Քարվաճառ մտած են ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ։

Նշենք, որ Քաշաթաղի շրջանին մէջ կան մօտ 3 տասնեակ վանքեր ու եկեղեցիներ, պատմական յուշարձաններ:

Վանքերէն շատ յայտնի է 4-րդ դարուն կառուցուած Ծիծեռնավանքը, որ ազատագրումէն ետք հիմնովին վերակառուցուած էր: Լաւ պահպանուած են նաեւ 17-րդ դարուն կառուցուած  շարք մը եկեղեցիներ` Հակի Սուրբ Մինաս, Միրիկի Սուրբ Աստուածածին, Հոչանցի Սուրբ Ստեփանոս, Հերիկի Սուրբ Գէորգ, Շալուայի, Սթունիսի, Արախիշի, Մազրայի սրբավայրերը: