image

ԱՄՆ-ի մէջ. Այս տարուան թելեթոնին հանգանակուած է 22.990.898 միլիոն տոլար

ԱՄՆ-ի մէջ. Այս տարուան թելեթոնին հանգանակուած է 22.990.898 միլիոն տոլար

Գոհաբանութեան օրը, 26 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23–րդ ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուարին իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքի համար ինկած զինուորներուն յիշատակը՝ հեռուստամարաթոնը այս տարի տեւած է 4 ժամ՝ աւանդական 12 ժամուան փոխարէն, սակայն ԱՄՆ հայ համայնքի համախմբուածութեան շնորհիւ հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար:

«Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով՝ Հեռուստամարաթոն 2020-ի հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախէն տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան: Նպատակն է նիւթապէս աջակցիլ այս ընտանիքներուն, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաներու պատշաճ կրթութիւնը»,– նշած է ԱՄՆ–ի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 22–ին սկսած ֆրանսական հեռախօսամարաթոնին ծիրէն ներս հանգանակուած էր շուրջ 3.132.000 ԱՄՆ տոլար: