image

Բերձորը կը դատարկուի

Բերձորը  կը դատարկուի

Բերձոր քաղաքի բնակիչներուն երէկ երեկոյեան զգուշացուցած են, որ պէտք է մինչեւ 30 նոյեմբերը, ժամը 18։00-ը յանձնեն իրենց տուներն ու հեռանան քաղաքէն։

Բերձորի մէջ տասը տարիէ աւելի բնակող, հիւանդանոցի  գլխաւոր հաշուապահ Մերի Մելիքեանը երկու երեխաներուն հետ պատերազմի օրերուն ապաստանած էր Գորիս, հիմա կը պատրաստուի Աշտարակ տեղափոխուիլ, ուր արդէն տուն վարձած է։

«Զգուշացուցած էին, որ մեր իրերը հանենք, հաներ ենք այն, ինչ խիստ անհրաժեշտ էր, մնացածը ձգած էինք, որ ետ պիտի գանք, ապրինք, բայց որ այսպէս եղաւ, ալ ինչ ետ գանք»,-NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Մերին։ 

Ան Բերձորի մէջ մօտ 2 տարի առաջ վարկով բնակարան գնած էր, հիմա ստիպուած կը հեռանայ սեփական տունէն։ Մերին չէ հետաքրքրուած, թէ ինչու նման որոշում կայացուած է, որովհետեւ չի գիտեր, թէ ով պէտք է պատասխանէ այդ հարցին։

«Հիմա կարեւորն այն է, որ ինչ ալ փորձենք հանել տունէն, փրկենք, մեր օգուտն է։ Ո՞վ պէտք է այդ հարցին պատասխան տայ, մեզի պէս մարդիկ ալ իրենք են։ Իրենք ալ այսօր անակնկալի եկած են, ուրուն ինչ ըսես»,- ըսած է ան, աւելցնելով, որ ըստ խօսակցութիւններու՝ Բերձորի քաղաքապետը հետագային կրնայ ըլլալ ատրպէյճանցի։

«Միւս տեղերը ինչպէս իրենք մտեր են, նոյն ձեւ ալ այստեղ պիտի մտնեն։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ'ըսէ՝ մնացէք, իրենց հետ կրնաք ապրիլ, մտնել իրենց կազմին մէջ, այսինքն՝ դառնանք իրենց քաղաքացի։ Ինչո՞ւ մենք ատրպէյճանցիի հետ կրնա՞նք ապրիլ, կրնա՞ս երեխայ պահել այստեղ՝ չես կրնար»,- նկատած է Մերին։

Բերձորցիները կը շտապեն հաւաքել իրենց իրերը, որ տեղափոխուին Հայաստան։

«Մէկ տուն, մէկ խանութ կը թողեմ Հայկազեանի մէջ, երեք տուն ալ՝ Լաչինի, որմէ երկուքը կանխիկ առած են։ Իսկ միւս տունը, որ ինծի տուած են, ամբողջովին վերանորոգեր եմ, ուր կրնայ բնակիլ երկու ընտանիք, այդքան մեծ տուն է, իսկ պետութիւնը ինծի ինչո՞վ պիտի օգնէ, երբ այս տուները կը թողեմ, կ'երթամ, ոչ մէկ բան կու տան, ոչ ալ միտքերնէն կ'անցնի, որ տան»,- նշած է բերձորցի տղամարդը, ապա աւելցուցած․ «Այսօր ամբողջ  մէկ ազգ մնացած է դուրսը, մէկ հատ Ստեփանակերտ մնաց ու վերջ»։

Նշենք, որ այս պահի դրութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն, թէ ինչ ճակատագիր կը սպասէ Բերձորին, չէ եղած։