image

Rotary Club Beirut Cedars կազմակերպութիւնը Մեսրոպեանին նուիրեց 20 tablet-ներ

Rotary Club Beirut Cedars կազմակերպութիւնը Մեսրոպեանին նուիրեց 20 tablet-ներ

Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ Rotary Club Beirut Cedars կազմակերպութիւնը, շարունակելով իր օգնութիւնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանինվարժարանին նուիրեց 20 tablet-ներ, որոնք պիտի տրամադրուին վարժարանի աշակերտներուն՝ առցանց դասերուն համար օգտագործուելու նպատակով:

Tablet-ներու յանձնման առիթով տեղի ունեցաւ համաձայնագրի ստորագրութիւն՝  Rotary Club Beirut Cedars-ի նախագահ պարոն Յակոբ Տանձիկեանի եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի միջեւ: Պարոն Տանձիկեան գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հետեւողական ջանքերը՝  ուղղուած ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ կրթութեան գործը անխափան շարունակելուն եւ կարիքաւոր աշակերտներուն համար զանազան ծրագիրներու գործադրութեան: Պարոն Գալուստ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Տանձիկեանի ղեկավարած կազմակերպութեան՝ Մեսրոպեանին տրամադրուող շարունակական օգնութեան համար:

Նուէր ստացուած Amazon Fire Hd10 բարձրորակ tablet-ները ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն Մեսրոպեանի մէջ առցանց դասերու պահանջներուն եւ նախատեսուած են բազմամեայ օգտագործման համար:

Ասիկա Rotary Club Beirut Cedars-ի առաջին օգնութիւնը չէ Մեսրոպեանին. ընդառաջելով տնօրէնութեան խնդրանքին, երկու ամիս առաջ, Պէյրութի պայթումին հետեւանքները վերացնելու ծիրին մէջ կազմակերպութիւնը վարժարանին նուիրեց 12 laptop-ներ, որոնք նախատեսուած են գործածուելու առցանց դասերուն համար՝ ուսուցիչներուն կողմէ եւ 3 սեղանի համակարգիչներ:

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

25 Նոյմբեր, 2020