
Համաշխարհային հայկական քոնկրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը պահանջած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
«24 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է կլոր սեղան՝ քոնկրէսի եւ ՌՀՄ-ի նախագահ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան Արա Աբրահամեանի նախագահութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակի հետ կապուած հարցեր, որոնց շարքին են՝ ազգային միասնութեան եւ արժանապատւութեան վերականգնումը, ճգնաժամի յաղթահարման մեքենականութիւններու մշակումը, զոհուած եւ անյայտ կորած զինծառայողներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ հաշմանդամներուն, փախստականներու ընտանիքներուն օգնութիւնը, համավարակի հետեւանքներու մեղմացումը, Հայաստանի լիարժէք գործունէութիւնը միջազգային ոլորտի մէջ վերականգնելը` արտաքին քաղաքական գերակայութիւններու յստակ սահմանմամբ եւ այլն:
Կլոր սեղանի աշխատանքներուն մասնակցած են հայ մտաւորականութեան կարկառուն ներկայացուցիչներ՝ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, հասարակական-քաղաքական ոլորտի գործիչներ, յայտնի ռազմական առաջնորդներ, դիւանագէտներ, ոչ անտարբեր քաղաքացիներ, որոնք մտահոգուած են տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ Հայաստանի, Արցախի ու մեր ժողովուրդի հետագայ ճակատագրով:
«Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք ռազմական գործողութիւններն աւարտուեցան, բայց պայքարը դեռ նոր կը սկսի: Աւելին, այն թեւակոխած է նոր, աւելի ճակատագրական ու պատասխանատու փուլ»,- իր խօսքին մէջ ըսած է Արա Աբրահամեանը:
Հանդիպման մասնակիցները համոզմունք յայտնած են, որ հակառակ երկրին մէջ առկայ ծանր իրավիճակին, երկրին մէջ տիրող անորոշութեան, միտքի եւ գործողութիւններու խառնաշփոթին, անհրաժեշտ է միաւորել առկայ հայրենասիրական մտաւոր եւ պիզնես ներուժը, որ միշտ եղած է եւ կայ, որպէսզի ամփոփելով բոլոր առաջարկութիւնները՝ միասնական ճանապարհային քարտէզ ներկայացուի` ատոր իրականացման փուլային ծրագրով:
Հանդիպման բոլոր մասնակիցները երկրի եւ հայ ժողովուրդի ապագան կը կապեն բացառապէս Հայաստանի եւ Արցախի բարեշրջական եւ առաջադէմ զարգացման հետ: Միեւնոյն ժամանակ, ակնյայտ է, որ առկայ իրավիճակէն դուրս գալու համար օրինաչափ լուծումներ չկան:
Անմիջական փաթեթային լուծման անհրաժեշտութիւն կը պահանջեն ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրները, որոնք կապուած են Արցախի եւ Հայաստանի յետպատերազմեան ճակատագրի եւ զարգացման, Սփիւռքի ներուժի համախմբման եւ արդիւնաւէտ օգտագործման, մարդասիրական գործունէութեան, «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ այլնի հետ:
Մէկ տարուան ընթացքին նոր կառավարութիւնը պէտք է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ նախապատրաստէ:
Այսուհետ հասարակութեան մէջ պէտք չէ տեղ ըլլայ ատելութեան եւ փոխադարձ անվստահութեան, կործանարար սեւ-սպիտակ բաժանարար գիծերու համար:
Հասարակութեան մէջ ակնյայտ պահանջ կայ իրազեկ, հայրենասէր առաջնորդի, որ երկրի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս հեղինակութիւն կը վայելէ, կապուած չէ կուսակցական եւ կլանային շահերով, եւ որու ետին կայ իրական գործերու բեռ ու անցած համոզիչ ուղի:
Մենք պարտուեցանք ճակատամարտը, բայց ոչ մարտը: Վերջին տասնամեակներու ճիշդ եզրակացութիւններն ու դասերը, մասնաւորապէս, Արցախեան վերջին պատերազմը, ազգային առաջնորդի եւ կառավարութեան դրական օրակարգի շուրջ միաւորումը, իրական գործերու եւ գործողութիւններու հետ զուգակցուած, մենք վստահ ենք, որ կրնան վերադարձնել մեր հաւատքը սեփական ուժերու նկատմամբ եւ վերածնել մեր երկիրը»:




















