image

Անգարայի խաբէութիւնը պիտի չմարսենք. Յունաստանի ԱԳ Նախարար

Անգարայի խաբէութիւնը պիտի չմարսենք. Յունաստանի ԱԳ Նախարար

Եւրոմիութիւնը միամիտ չէ եւ պիտի չտրուի Անգարայի հերթական խաբէութեան: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի խօսքով՝ Թուրքիոյ տրուած է ամէն հնարաւորութիւն, «բայց ան չօգտուիր անկէ»:

Ան նշած է, որ վերջին պահուն եղած Թուրքիոյ յայտարարութիւնները չեն խաբեր ԵՄ-ին: «Եւրոմիութիւնը միամիտ չէ»,- ըսած է ան: «Յունաստանը, ի հարկէ, միշտ հաւատարիմ մնացած է ազնիւ երկխօսութեան գաղափարին»,-ըսած է ան՝ պնդելով, որ Թուրքիան պէտք է ցոյց տայ, որ կը յարգէ միջազգային իրաւունքը որպէս մշտական ընտրութիւն, այլ ոչ թէ ըստ հանգամանքի:

«Նոյն ոգիով ԵՄ-ն յետաձգած է միջոցառումներու եւ պատժամիջոցներու վերաբերեալ որոշումները` յայտարարելով Թուրքիոյ նկատմամբ գործողութիւններու եւ քաղաքականութեան դրական ծրագիր ուսումնասիրելու պատրաստակամութիւնը, բայց այն պայմանով՝ որ Թուրքիոյ անօրինական գործողութիւնները մէկընդմիշտ դադրեցուին»,- ըսած է ան:

«Սակայն Անգարայի վերջին գործողութիւնները «կը չեղարկեն երկխօսութեան որեւէ հեռանկար եւ, ցաւօք, Եւրոպական խորհուրդի առաջիկայ գագաթնաժողովին որեւէ դրական օրակարգի տեղ չեն ձգեր»,- ըսած է Տենտիասը:

Աթենքը մտահոգուած է նաեւ 20 յունուարին Ճօ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութեան նախորդող ժամանակահատուածով, քանի որ Թուրքիան այդ կրնայ դիտել որպէս Միջերկրական ծովի արեւելքին մէջ իր ընդլայնման ծրագիրը արագցնելու հնարաւորութիւն: