image

Ըստ Հրանդ Բագրատեանի հնարաւոր է Շուշին պահել

Ըստ Հրանդ Բագրատեանի հնարաւոր է Շուշին պահել

Զինադադարի յայտարարութիւնը թափթփած փաստաթուղթ է իր մաշտապով, որովհետեւ տեղեր կան, որ չկայ շփման գիծ. այստեղ մեր զինուորը կանգնած է, 20 քմ հեռու իրենց զինուորը: Այս մասին, 25 նոյեմբերին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը:

«Սկիզբը բոլորս կը կարծէինք, որ մեզի կը մնայ 3,6 հազար քառակուսի քմ: Այս պահի դրութեամբ, եթէ նորէն չխլեն, մեր տրամադրութեան տակ է 3,18 հազար քառակուսի քմ: Այսինքն 9,4 հազար քառ. քմ Նիկոլ Փաշինեանը նուիրած է թշնամիին: Սա շատ մեծ կորուստ է մեզի համար: Մեր ցորենի 25 տոկոսը չկայ: Ղարաբաղը, որ մեզի ցորեն կու տար, հիմա մենք պէտք է իրենց տանք, որ պահենք:

Հիմա հնարաւոր է պահել Շուշին: Յամենայնդէպս ռուսերը չեն ձգեր Շուշին դարձնել գոնէ Երուսաղէմի պէս քաղաք, ատրպէյճանցիք վերադառնան, բայց մենք ալ վերադառնանք, նաեւ ետ ստանալ Հատրութը: Եւ ես կ'ուզէի Ատրպէյճանի հետ քննարկել այսպիսի հարց՝ Լաչինի միջանցքը փոխարինենք Քելբաջարի միջանցքով: Գոնէ այս բաները հնարաւոր է խաղաղութեամբ ընել»,-ըսած է ան:

Բագրտեանը նաեւ նկատած է, որ այս փաստաթուղթը 5 տարիով ստորագրուած է. «Թուրքերը չեն ձգեր հանգիստ ըլլայ, ռուսերն ալ չեն զիջիր: Մենք պէտք է բանակը վերականգնենք, ընդ որում ժամանակակից  ձեւով:  Բայց ատոր համար պէտք է հեռանան Նիկոլ Փաշինեանն ու Արմէն Սարգսեանը»: