
ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութիւնը կը պահանջէ ՀՀ կառավարութեան հրաժարականը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի դէմ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որ ընդունուած է ԳԱԱ նախագահութեան երէկուայ նիստին:
«Նոյեմբերի 9-ին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած յայտարարութիւնը գնահատում ենք որպէս հայ ժողովրդի համար նուաստացուցիչ փաստաթուղթ։ Ստեղծուած իրավիճակում Ռուսաստանի խաղաղապահներին համարում ենք Արցախի հայութեան նկատմամբ թուրք-ատրպէյճանական ցեղասպան եւ հայրենազրկման քաղաքականութիւնից փրկութեան եւ տարածաշրջանում կայունութեան հաստատման բացառիկ երաշխաւոր»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
ԳԱԱ–ն բարձր կը գնահատէ հայկական զինուժի վճռական դերը Արցախի իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքի պահպանման գործով եւ կոչ կ'ընէ ամէն կերպով բացառելու բանակի բարոյալքումը, նպաստելու բանակի համալրման, ամրապնդման եւ արդիականացման։
Ակադեմիայի նախագահութիւնը խստագոյնս կը դատապարտէ տարիներ շարունակ գիտութեան նկատմամբ հանրապետութեան իշխանութիւններու կրաւորական վերաբերմունքը, որու հետեւանքով անհնարին դարձաւ երկրի պաշտպանական համակարգէն ներս ժամանակակից գիտաարդիւնաբերական նուաճումներուն կիրառումը։ Բացի այդ, անթոյլատրելի կը համարէ հասարակութեան մէջ թշնամութեան, վրէժխնդրութեան, անվստահութեան եւ ատելութեան սերմանումը:
20 Նոյեմբերին նման պահանջով յայտարարութիւն տարածած էր նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանը։





















