Այսօր՝ 25 Նոյեմբերին Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ կ'անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Ինչպէս կը հաղոտդէ «РИА Новости»-ի թղթակիցը, մոթոհրաձիգները լքած են տարածքը՝ պայթեցնելով զօրանոցներն ու զօրամասի այլ կառոյցներ:
«Մենք այստեղ մնացեր ենք ողջ պատերազմի ընթացքին եւ ոչինչ անոնց տուած ենք: Այժմ մինչեւ ատրպէյճանցիներու դիրքեր ուղիղ գիծով 12 քմ է: Կը հեռանանք մեր առաջապահ դիրքերէն եւ կը պայթեցնենք զօրամասի մնացեալ կառոյցները, որպէսզի անոնք չմնան ատրպէյճանցիներուն: Կ'երթանք Հայաստան: Մեր զօրամասը վերջիններէն մէկն է»,- թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է մոթոհրաձգային զօրամասի հրամանատարութեան ներկայացուցիչը:
Նախապէս շրջանը պէտք է յանձնուէր 15 նոյեմբերին, սակայն հայկական կողմի խնդրանքով ժամկէտը յետաձգուած էր մինչեւ 25 նոյեմբեր։ Աղտամի շրջանը Ատրպէյճանին յանձնուած է 20 նոյեմբերին, իսկ մինչեւ 1 դեկտեմբերը պէտք է յանձնուի Լաչինի շրջանը։